2016-12-12 17:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթը` Կուատալուփի Տիրամօր յանձնենք Ամերիկայի ժողովուրդն ու Եկեղեցին։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի` 12 դեկտեմբեր 2016-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Կուտալուփի Տիրամօր տօնին առթիւ հրապարակեց թուիթ մը որուն մէջ հրաւիրեց Կուտալուփի Տիրամօր հովանիին յանձնել Ամերիկայի ժողովուրդներն ու այդտեղ գործող Եկեղեցական առաքելութիւնները։

''Կուտալուփի Տիրամօր տօնին օրը, Անոր յանձնենք ամերիկայի ժողովուրդները ու Եկեղեցւոյ այդ ցամաքամասին մէջ առաքելութիւնը'' գրեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակած թուիթին մէջ։

Յայտնենք թէ այսօր կը նշուի նաեւ ինը լեզուներով հրապարակուած @pontifex Քահանայապետական թուիթերեան կայքին չորրորդ տարեդարձը։ Քահանայապետի Թուիթերեան պատգամները կը հրատարակուին հետեւեալ լեզուներով` Սպաներէն, Անգլերէն, Իտալերէն, Փորթուկալներէն, Լեհերէն, Ֆրանսերէն, Գերմաներէն եւ Արաբերէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.